2012-06-20 13:10:58

''Նոր Աւետարանութիւն'' Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի Թղթածրարի Ներկայացումը Մամուլին։


Առանց ճշմարիտ հաւատքի վկայութեան չկայ աւետարանութիւն։
Ի պատրաստութիւն յառաջիկայ (7-28) հոկտեմբերի ''Նոր Աւետարանութիւն'' եպիսկոպոսական սիւնոդոսին, գերապայծառ Էդերովիչ` ընդհանուր քարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ներկայացումը կատարեց սիւնոդոսի թղթածրարին։ Ան ընդգծեց որ Եկեղեցին կարիքը չունի վերատեսելու իր քարոզութեան եղանակը, այլ՝ բարւոքելու կղերի վկայութեան որակը։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք սրբութեան նոր սլացք մը տալու Եկեղեցւոյ։ Եթէ կղերը թերանայ հաւատքի ապրումի իր վկայութեան մէջ, ամէն բան մակերեսային կը դառնայ ու արգելք կը հանդիսանայ հաւատքի հաղորդումին ու ծաւալումին։ Պատասխանելով կարգ մը լրատուներու հարցումներուն՝ թղթածրարի պատրաստութեան հայող, գերապայծառ Էդերովիչ ըսաւ. ՜՜շատ մը եպիսկոպոսներ իրենց վերապահութիւնը յայտնած են ձեւական ծիսակատարութիւններու ի տես։ Շիտակ է որ ծիսակատարութիւնները երբ կատարուին պատարագիչի կողմէ առանց ներքին պատրաստութեան, ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ հաւատացեալներու վրայ։ Սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարը իր միջամտութեան ընթացքին վեր առաւ կիներու դերը. ան ըսաւ. ՜՜ կիները, ըլլան անոնք աշխարհական կամ կրօնաւոր, շատ գործունեայ են թէ ընտանեկան յարկէն ներս եւ թէ ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Ան նաեւ շեշտը դրաւ զաւակ սպասող ծնողներուն դերին վրայ բաղձանք յայտնելով անոնց յաճախակի ներկայութիւնը ժողովրդապետութիւններու մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.