2012-06-20 13:11:32

Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութեան Հասնող Բարեսիրական Մարմիններու Խորհուրդի Ժողովը։


Ժողովը կը գլխաւորէ կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին։ Իր ելոյթին մէջ կարտինալը ժողովականներէն խնդրեց օգնութեան հասնիլ Հնդկաստանի քրիստոնեաներուն, նպաստել համամիութենական երկխօսութիւնը կաթողիկէ-օրթոտոքս եկեղեցիներուն միջեւ, ու վերջ տալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գաղթին։
Կարտինալը յայտնեց որ ՜՜մեր ժողովին հրաւիրեցինք Հնդկաստանի ասորի մալապար եկեղեցւոյ գահերէց՝ կարտինալ Ալենշեռին, որպէսզի մեր խորհուրդի ուշադրութիւնը կեդրոնանայ այս եկեղեցւոյ վրայ, որ մեծապէս կարիքն ունի մեր նիւթական օգնութեան, լաւագոյնս կատարելու իր առաքելութիւնը։
Կարտինալը նաեւ ըսաւ որ ՜՜մեր ժողովին նաեւ ներկայ է Ուկրային յունածէս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետը գերեջանիկ Շեվչուք, որպէսզի վերաշխուժացնէ համամիութեան երկխօսութիւնը օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ։
Մեր մէջ ներկայ է նաեւ Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը գերապայծառ Զենարի, ուր Սուրիոյ քրիստոնեաները ներկայիս ցնցուած են տեղի ունեցող քաղաքական խռովութիւններու հետեւանքով եւ այդ պատճառաւ ալ անոնցմէ շատերը Սուրիայէն կը հեռանան։Ինչպէս միշտ մեր խորհուրդին մտահոգութիւնը կը կեդրոնանայ Ս. Երկրի քրիստոնեայ բնակիչներուն, ու սուրբ վայրերու վրայ։
Նշենք որ ներկայիս Սուրիոյ ընդդիմադիր ծայրայեղ մահմետականները՝ սալաֆիթները, Հոմսի Քսէյր շրջանին մէջ, բռնագրաւած են յոյն կաթողիկէ եկեղեցին ու այդ շրջանէն վտարած են քրիստոնեաները։ Տեղական եկեղեցին բողոք
ներկայացուցած է եւ կոչ ուղղած՝ որ քաղաքական ընդհարումը, չդառնայ առիթ մը՝ բոլոր կրօններու աղօթավայրերու սրբապղծումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.