2012-06-19 11:39:03

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Աստուածաշունչի Թարգմանութիւնը 475 Լեզուներով -
Աստուածաշունչը ներկայիս թարգմանուած է 475 լեզուներով։ 2011-ին թարգմանուեցաւ նոր 6 լեզուներով։ Լման Աստուածաշունչի վերջին թարգմանութիւնները կատարուեցան Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ։ Յայտնենք որ ս. Գիրքի լման թարգմանութիւնը կը պահանջէ շուրջ 12 տարի աշխատանք։ Երգկրագունդին մէջ խօսակցութեան համար մարդիկը կը գործածեն 6500 բարբառ, որոնցմէ 2538 արդէն կը ճանչնան ս. Գիրքի մասնակի կամ կատարեալ թարգմանութիւնը։

ֆրանսայի եկեղեցին շուրջ 150 նոր կուսակրօն քահանաներ պիտի ունենայ 2012-ին։
150 նոր կուսակրօն քահանաներու ձեռնադրութիւնները տեղի պիտի ունենան ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը` 29 յունիսին։ Անոնցմէ 96ը թեմական վարդապետներ են, եւ 54ը կրօնաւոր քահանաներ պիտի դառնան։ Նոյնպէս կը նախատեսուի շուրջ 60 մնայուն սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.