2012-06-19 11:25:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պատգամին Պատկերասփռումը Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան 50-րդ Միջազգային Ժողովին` ''Հաղորդութիւն Քրիստոսի Ու Մեր միջեւ'' Նիւթին Մասին։


Տուպլինի ամենասուրբ հաղորդութեան ժողովի այս նիւթը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամին մէջ, կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Եկեղեցւոյ մասին որպէս Քրիստոսի խորհուրդաւոր մարինը։ Քրիստոնէութեան արշալոյսին իսկ, Եկեղեցին ըմբռնուած է որպէս Քրիստոսի ողջ մարմինը։ Մենք մկրտութեամբ կը դառնանք անդամները Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, դրոշմի խորհուրդով կը կնքուինք Ս. Հոգիով ու հացի բեկանումով կը մտնենք Քրիստոսի հետ միութեան մէջ, իրարու կը միանանք եւ կ'ընդունինք եկող յաւիտենական կեանքի խոստումը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ամենասուրբ հաղորդութեան գիտաժողովը տեղի կ'ունենայ մինչ Եկեղեցին կը պատրաստուի տօնելու հաւատքի տարին եւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձը։ Այս դէպքը սկիզբ տուաւ ծիսակատարութեան բարեշրջումով` առիթ տալով Աստուծոյ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեան, որուն արդիւնքները մեծապէս դրական եղան քանի այդ բարեփոխութիւնները կը նպատակադրէին ուղղել մարդիկը սերտ կապ հաստատելու Տիրոջ հետ, ամենասուրբ հաղորդութեան միջոցաւ։

Ներկայիս կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր մարդիկը աւելի մտահոգ են նիւթական բաներով, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, պէտք ենք սորվիլ դարձալ ճանչնալ յարուցեալ Տիրոջ խորհրդաւոր ներկայութիւնը, միակը որ կարող է իմաստ ու սլացք տալու մեր կեանքին։

Իրլանտան, ընդգեց Սրբազան Հայրը դարերով զարդը եղած է Եկեղեցւոյ։ Ան տուած է կրօնաւորներ, նահատակներ ու առաքեալներ, որոնք հերոսաբար ապրեցան իրենց հաւատքը թէ հայրենիքի եւ թէ առաքելավայրերու մէջ։ Դուք ժառանգորդներն էք այդ եկեղեցւոյ։ Հպարտանք ու ցնծութիւն հաւատքի այս մեծ պատմութեան համար։ Եթէ կարգ մը կղերականեր շեղեցան այս հաւատքի ճանապարհէն, ահա ամենասուրբ հաղորդութեան գիտաժողովը մեզ կը հրաւիրէ հիասթափուելու ու դուրս գալու գաղջութենէն կրկին կապ հաստատելու՝ Յարուցեալ Քրիստոսի հետ։ Իրմէ խնդրենք որ շարժէ մեր սրտերը ու մեր վրայ հեղու Ս. Հոգւոյն զօրութիւնը որպէսզի դառնանք ճշմարիտ վկաները իր սիրոյն, վկաները իր ճշմարտութեան, քանի որ ՜՜Քրիստոսի սէրը ճշմարտիտ է՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան հայրը իր պատգամը եզրափակելով, աղօթենք որ այդ գիտաժողովը բոլորին համար դառնայ Քրիստոսի հաղորդութեան մէջ արդիւնաբեր փորձառութիւն մը։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր կամքը որ յառաջիկայ ամենասուրբ հաղորդութեան գիտաժողովը (51-րդ գիտաժողովը) տեղի ունենայ Փիլիպպեան կղզեխումբի Սեպու քաղաքը։ Այդ երկրի՝ Փիլիպպեան կղզեխումբի հաւատացեալներուն կը յայտնեմ իմ ջերմ ողջոյնը ու մօտիկութիւնը, մաղթելով որ պատրաստութեան այս տարիները ըլլան օրհնաբեր ու պտղաբեր Փիլիպպեան ազգին։ Ձեզի բոլորիդ կը հայցեմ Աստուածամօր հովուանաւորութիւնը ու Իրլանտայի մեծ պաշտպան սուրբ Բադրիքին բարեխօսութիւնը։ Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.