2012-06-19 12:51:05

Մարդու Շահագործման Դէմ Պայքարի Համագումար:


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը
Հինգշաբթի 14 եւ ուրբաթ 15 յունիսին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ընկերային արդարութեան բաժանմունքին եւ Լիբանանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան միացեալ ծրագրումով, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜մարդու շահագործման դէմ պայքարին նուիրուած համագումար մը՝՝:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ այս համագումարին մասնակցեցաւ երէցկին Մանիա Միսիրեան:
Համագումարին մասնակցող՝ Միջազգային եւ լիբանանցի մասնագէտներ, դեսպանութիւններու եւ նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագովներ, նախ քննարկեցին այս հրատապ հարցին իրաւական երեսը եւ ապա դիմեցին գործնական առաջարկներով ցարդ կատարուած աշխատանքը բարելաւելու քայլերուն:









All the contents on this site are copyrighted ©.