2012-06-19 11:25:47

Հաւատոյ Ժողովը Անգլիական Նոր Առաջնորդութիւն Մը Կը Հաստատէ Աւստրալիայի Համար։


Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու անկլիգան կաթողիկէ նոր թեմեր ստեղծելէ ետք, Հաւատոյ ժողովը երրորդ անկլիգան թեմ մը կը ստեղծէ Աւստրալիոյ թեմին համար։ Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը 4 նոյեմբեր 2009-ին հիմնեց եկեղեցական նոր օրէնսդրութիւն մը, որով կ'արտօնէ մուտքը անկլիգան բոլոր այն հաւատացեալներուն որոնք կը բաղձան մաս կազմել կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Աշխարհասփիւռ անկլիգան բազմաթիւ հաւատացեալներ յուսախաբ են իրենց եկեղեցիէն, որ արտօնած է կիներու եւ մենասեռներու քահանայ կամ եպիսկոպոս ձեռնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ միասեռականներու միջեւ ամուսնութեան օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.