2012-06-19 12:47:16

ԵԱՀԿ-ի Հերթական Մշտադիտարկումը՝ ԼՂՀ-Ատրպէյճան Սահմանին Վրայ։


ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի իրաւագիրին համաձայն` Յունիս 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին` Հորադիզի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ, պիտի իրականացուի ԵԱՀԿ-ի հերթական մշտադիտարկումը:
«ԱՊԱ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, ատրպէյճանական կողմէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Ժիրի Ապերլէն ու անձնական օգնական Ուիլեամ Փրայորը, իսկ ղարաբաղեան կողմէն` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթովն ու Անթալ Հերտիչը:








All the contents on this site are copyrighted ©.