2012-06-18 12:18:04

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


18-20 յունիս` <<Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու օգնութիւն>> եկեղեցական հաստատութիւնը կը գումարէ իր տարեկան նիստը որուն ընթացքին կը շօշափուին հետեւեալ նիւթերը.
Ա - <<Հնդկաստանի Ասորի Մալապար եկեղեցին եւ Ուգրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցին>> - այս նիւթերուն շուրջ ելոյթ կ՛ունենան գերապայածառ Ժորժ Ալէնգէրրի եւ գերապայծառ Զվիաթոզլաւ Շէվչուք։
Բ - <<Սուրիոյ Իրավիճակը>>. որուն մասին կը զրուցեն գերապայծառ Զէնարի` Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ եւ Սուրիոյ Գարիթասի նախագահ Անթուան Աուտօ
Գ - <<Սուրբ Երկրի իրավիճակը>> նիւթին մասին ելոյթ կ՛ունենայ Երուսաղէմի առաքելական նուիրակը գերապայծառ ֆրանքօ։


Իսկ 18 եւ 19 յունիսին Թունիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Օազիս>> հիմնադրամի միջազգային կոմիտէի համաժողովը <<Կրօնը յեղաշրջուող ընկերութեան մը մէջ. Թէ ինչպէս Թունիզը կը դիմէ Արեւմուտքին>>։ Հաւաքի ընթացքին նախատեսուած են քրիստոնեայ եւ մահմետական մասնագէտներու ելոյթներ։ Հաւաքի բացումը կը կատարէ <<Օազիս>> հիմնադրամի նախագահը Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան որ Միլանոյի թեմի առաջնորդն է եւ 2004 ինք եղած <<Օազիս>> հիմնադրամի հիմնադիրը։


10 տարիներ առաջ՝ 16 յունիս 2002ին, երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբերու դասին մէջ կը կարգէր վեղարաւոր կրօնաւորներու միաբան՝ Բիէդրալչինայի Padre Pio- ն։ Այս կարեւոր յոբելեանի առթիւ շաբաթ 16 յունիսի առաւօտեան << San Pio da Pietralcina>> եկեղեցւոյ մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն գլխաւորեց գոհաբանական Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Յետմիջօրէի ժամը 17.30 Ծիրանաւորը կատարեց տառապանքներու սփոփանքի տան <<հետազօտութեան նոր կեդրոնին>> օրհնութիւնն ու առաջին քարի զետեղումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.