2012-06-18 12:17:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 18 յունիս 2012 առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նշանակուած Սպանիայի նոր դեսպան` Տիար Էտուարտօ Կութիէրէց Սաէնց Տէ Պուրուական, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Նշենք որ նոր նշանակուած Սպանիոյ դեսպանը 1958ի ծնունդ է եւ 1985-էն ի վեր դիւանագիտական մարմնի մաս կը կազմէ ու ծառայած է աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։

Սրբազան Հայրը իր գրասենաեկին մէջ ապա ընդունեց Գուպայի` Սան Քրիստոպալ Տէ Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ժէյմ Լուգաս Օրթէկան, եւ հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն շարք մը եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ երէկ կիրակի 17 յունիսի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Իր խօսքին մէջ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ փախստականներու իրաւունքներու յարգանքի մասին։ Յայտնենք որ 20 յունիսին միջազգային հասարակութիւնը կը վերակոչէ փախստականին օրը։ Այս օրը հաստատուած է ՄԱԿին կողմէ եւ ունի որպէս նպատակ հրաւիրել միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը, բազմաթիւ մարդոց եւ մասնաւորապէս անհամար ընտանիքներու գաղթական իրավիճակի մասին, որոնք իրենց հայրենիքէն հեռացած են քաղաքացիական պատերազմի կամ այլեւայլ բռնաբարութիւններու հետեւանքով։ Սրբազան Քահանայապետը փախստականներուն երաշխաւորեց Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը ու աղօթքը խնդրելով հիւրընկալ պետութիւններէն իրենց կարքին երաշխաւորելու գաղթականներու իրաւունքները ու կարելիութիւններ մատուցելու անոնց վերագտնելու համար իրենց ընտանեկան պարագաները։

Իսկ կիրակնօրեայ խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը` հրաւէր ուղղելով մեր վստահութիւնը դնելու Յիսուսի վրայ։ Մեր փոքր ու սահմանափակ ոյժը- ըսաւ Ան- որ անկարող կը թուի աշխարհի հարցերու դիմաց` խոչընդոտներէն չի վախնար երբ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ զօրութեան վրայ դրած ենք, որովհետեւ Տիրոջ յաղթանակը ապահով յաղթանակ մըն է։ Աստուծոյ հրաշքն է այս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ կը սնուցէ ու կ'աճեցնէ ամէն սերմ որ տարածուած է երկրի վրայ։
Խորհրդածութեան աւարտին դուսկ Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակումը ու իտալացի երիտասարդ երանուհի` Չեչիլիա Էուզէեփիի երանացման արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.