Թուրքիոյ Մէջ Վաճառուած է Գալուստ Կիւլպենկեանի Առանձնատունը:200 Տարուայ Կառոյցը Հիւրանոցի
Պիտի Վերածուի ։
Թուրքիոյի Կեսարիա քաղաքին մէջ վաճառուած է հայ բարեգործ, ժամանակի մեծահարուստներէն
Գալուստ Կիւլպէնկեանի տունը:
Բնակարանի նոր տէրը` Նեճիփ Տինչեր կառոյցը պիտի վերածէ
հիւրանոցի: Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Գէորգ Օզքարակէօզ գոհ է
որոշումէն, քանի որ շինութեան պատմական տեսքը պիտի չխախտուի: «Տարածաշրջանի մէջ քանդուած
են տասնեակ առանձնատուներ: Այս կերպ շինութիւնը կանգուն կը մնայ, անիկա պատմական ձեռքբերում
է»,(ըսած թրքահայ ճարտարապետը) : 1800-ականներուն կառուցուած շինութեան վերնայարկը
ամբողութեամբ քանդուած է: Նոր տէրը խոստացած է, որ շինութիւնը պիտի չկորսնցնէ իր նախնական
տեսքը եւ անոր վերակառուցման համար պիտի ծախսի 900.000 թրքական լիրա: Ան խոստացած է նաեւ,
որ առանձնատան անունը «Կիւլպէնկեան»ըլլալով պիտի մնայ: