2012-06-18 12:18:12

Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Կոչը Քաղաքական Ապաստանեալներու Ի Նպաստ ։


Պետութիւնները զգոյշ գտնուելու են խտրականութեան կամ վտարումի քաղաքականութիւն որդեգրելէն։

Զուիցերիոյ կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիները Ժընեւի մէջ յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը ի տես Զուիցերիոյ կառավարութեան <<քաղաքական ապաստանելներու>> հանդէպ վարելիք քաղաքականութեան։
Յայտնենք որ ներկայիս Ժընեւի մէջ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը կը վերատեսէ քաղաքական ապաստանեալներու վերաբերող օրէնքը։ Եկեղեցիները կառավարութենէն կը խնդրեն որ իրենց դատումին չափանիշը ըլլայ մարդկային իրաւունքի արժանաւորութիւնը եւ միաժամանակ կը յիշեցնեն որ մարդիկը որ հալածանքէն կը փախչին կարիքը ունին պաշտպանուելու եւ ապրելու մարդավայել կեանք մը։ Նշենք որ Զուիցերիան յունիս 16-ին,17-ին եւ 20 -ին կը տօնախմբէ փախստականի օրերը` <<փախստականները կարիքը ունին մեր յանձնառումին>> բնաբանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.