2012-06-16 12:27:07

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը Կոչ Կ՛Ուղղէ Քրիստոնեաներուն Որ Տէր Կանգնին իրենց Պատասխանատուութիւններուն Եւ Իրաւունքներուն


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութիւնը շարունակելով իր աշխատանքները` նախ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց շրջանին մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան Եգիպտոսն ու Սուրիան: Յիշեալ երկիրները ներկայացնող Գործադիր վարչութեան անդամները լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցին ժողովին ներկայ կացութեան առնչուած ընկերային, տնտեսական, կրօնական եւ քաղաքական հարցերու շուրջ: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը աւելի լայն ծաւալով շարունակէ իր մարդասիրական օգնութիւնը գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն, առանց խտրութեան:
Ապա ժողովը կեդրոնացաւ խորհուրդի վերակառուցման գծով ներկայացուած առաջարկներուն վրայ, որոնք վերջին տարիներուն յատուկ յանձնախումբի մը աշխատանքին իբրեւ արդիւնք փոխանցուած էին Գործադիր վարչութեան: Վարչութիւնը մանր փոփոխութիւններէ ետք որդեգրեց առաջարկուած բարեփոխութիւնները: Այս ծիրին մէջ շեշտուեցաւ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուած պայմանները: Այսպէս, որոշուեցաւ պահել Կիպրոսի, Սուրիոյ, Յորդանանի ու Եգիպտոսի գրասենեակները, բնականաբար վերադասաւորումի ենթարկելով անոնց աշխատանքը: Որոշուեցաւ նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային նոր գրասենեակներ հիմնել այլ շրջաններու մէջ: Պէյրութը կը շարունակէ մնալ խորհուրդի կեդրոնատեղին: Կատարուած ներքին կառուցային բարեփոխումներու լոյսին տակ, Գործադիր վարչութիւնը վերատեսութեան ենթարկեց խորհուրդի կանոնագրութիւնը:
Ընդառաջելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի առաջարկին` որոշուեցաւ գործակցաբար նշեալ խորհուրդին հետ յառաջիկայ տարի Պէյրութի կամ Ժընեւի մէջ միջազգային համագումար մը կազմակերպել` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան մասին: Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարը շարունակութիւնը պիտի ըլլայ անցեալ տարի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած համագումարին:
Գործադիր վարչութիւնը նաեւ կատարեց նոր նշանակումներ: Այս ծիրին մէջ նշանակուեցան երեք օգնական ընդհանուր քարտուղարներ եւ այլ ծրագիրներու ու գրասենեակներու պատասխանատուներ: Սեդա Խտըշեան կը շարունակէ մնալ խորհուրդի կարեւորագոյն ծրագիրներէն Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի տնօրէն:
Գործադիր վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կ՛ուղղուէր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տէր կանգնելու իրենց պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:
Գործադիր վարչութեան յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ամմանի մէջ, 2013-ի փետրուարին: Ժողովի աւարտին ներկաները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին` իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութեան համար: Իբրեւ յիշատակ վեհափառը ներկաներուն նուիրեց 33 լեզուներով հրատարակուած Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթամատեանը:











All the contents on this site are copyrighted ©.