2012-06-16 13:38:12

Մարիամի Աղախիններու Կարգի Աշխարհական Մը Չէչիլիա Էուսէպի՝ Խորաններու Պատւոյն։


Վաղը, Կիրակի, 17 Յունիս, Հռոմի մօտակայ ,Նեփի աւանին մէջ, Երանուհի կը հռչակուի Չէչիլիա Էուսէպի,Մարիամի Աղախիններու Երրորդ Կարգի Աշխարհականը։ Ծիսական արարողութեան Պենետիկտոս ԺԶ.րդ Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ՝ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը։
Չեչիլիա կը ծնի Հռոմի շրջանի Մոնթէ Ռոմանօ գիւղը 1910ին։ Հօրմէ որբանալով , Նեփի կը փոխադրուի մօրը հետ,ուր կը յաճախէ Կիստերսեան Կրօնաւորուհիներու նախակրթարանը, բայց 12 տարեկանին անհանգստանալով կը ստիպուի տուն դառնալ ։ Ապա դարձեալ կը վերդառնայ Վանք ուսումը շարունակելու համար,բայց այս անգամ կը ստիպուի փոխադրուիլ Չիվիթա Գասդէլլանա-ի հիւանդանոցը։
Երբ տուն վերդարցած էր իր անհանգտութեանը համար(12 տարեկանին) , կ՝արձանագրուի Մարիամի Աղախիններու Երրորդ Կարգին ու Կաթողիկէ Բանուորական Մարմնին,եւ փափաքելով Մայրապետ ըլլալ ,13 տարեկանին կը մտնէ Փիսթօիա-ի Մարիամի Աղախիններու Մանթէլլաթէ Մայրապետներու Միաբանութիւնը։ Բայց ստամոքսի արիւնահոսութիւնը կը ստիպէ որ երեք տարի յետոյ դարձեալ տուն Նեփի վերադառնայ։
Հակառակ հիւանդութեանը, ան երբէք չյուսահատեցաւ, ամբողջութեամբ խորասուզուած աղօթքի մէջ,իր ֆիզիքական տառապանքները կը նուիրէր Տիրոջ շատ մեծ սէրով ։ Իր հոգին աւանդեց հազիւ 18 տարեկան,1 հոկտեմբեր 1928ին։
Չէչիլիա Էուսէպի միշտ հաւատարիմ մնաց Յիսուսի սա խօսքին ՝՝ Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ,թող ուրանայ իր անձը,առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի՝՝ ։ (Մատթէոս 16,24) ։








All the contents on this site are copyrighted ©.