2012-06-16 12:28:50

Ճգնաժամային Ընտրութիւններ Յունաստանի Մէջ։


Յունաստանի մէջ պաշտօնապէս վերջ գտաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութիւնը: Քարոզարշաւի աւարտէն առաջ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց համախոհներուն հետ հանդիպումներ ունեցան։ Վաղը 17 Յունիս տեղի կ՝ունենան ճգնաժամային ընտրութիւններ Յունաստանի համար։
Կը նշուի, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու հիմնական թեկնածուները «Սիրիզա» եւ «Նոր դեմոկրատական» կուսակցութիւններն են: Առաջինները կը կարծեն, որ Յունաստան պէտք է դուրս գայ եւրոգօտիէն, մինչդեռ, դեմոկրատներու կարծիքով` երկիրը պէտք է մնայ եւրոգօտիի մէջ: Իրականացած հարցումներուն համաձայն` երկու կուսակցութիւններն ալ հաւասարաչափ համախոհներ ունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.