2012-06-16 12:27:57

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Կ՛Ունենայ Երեւանի Մէջ Հաւատարմագրուած Եւրոպական Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ:


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ աշխատանքային ընթրիք մը ունեցաւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:
Քննարկուեցան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ներկայ ընթացքը եւ նախատեսուող բարձր մակարդակի քայլերը:
Նալբանդեան եւրոպացի դեսպաններուն ներկայացուց անցեալ շաբաթ Հայաստանի սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ՝ Ազրպէյճանի կազմակերպած սադրիչ հետախուզական գործողութեանց իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.