2012-06-15 11:55:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 15 յունիսի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 66րդ վեհաժողովի նախագահ` Տիար Նասսիր Ապտուլազիզ Ալ Նասէր, անոր կողակիցը եւ անոնց ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11.30 -ին Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն 12 եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։Իսկ յետ միջօրէի ժամը 18ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը կարտինալ Ուիլլիամ Լէվատան։

Երէկ հինգշաբթի 14 յունիսի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնը` տիար Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլվա։
Ըստ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի յայտարարութեան հանդիպումի ընթացքին ֆԱՕ-ի ներկայացուցիչը գնահատանք յայտնեց ի տես Սուրբ Աթոռի եւ Եկեղեցւոյ տարած ջանքերուն ի սպաս սովութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարի։Հուսկ անդրադարձ կատարուեցաւ թէ ինչպէս հակառակ աշխարհի սննդական պահանջներու կենսամիջոցներու բաւարարութեան` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային արգելքներու պատճառաւ տակաւին կարելի չէ գոհացում տալ այս պահանջներուն։ Ապա մաղթանք յայտնուեցաւ որ աւելի հաւասարութիւն կայանայ <<սննդական համակարգի>> մատակարարման մէջ եւ գիւղական հողագործութիւնը առաջնակարգ դեր մը ունենայ զարգացումի ռազմաւարութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.