2012-06-15 12:28:26

Կարտինալ Ռավազի Կ՝արտայայտուի ՜՜Խուլիկանութեան '' Մասին ։


Կարտինալ Ռավազի Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի նախագահը, սոյն խորհուրդի մարմնամարզութեան նոր գրասենեակի բացման առթիւ (14 յունիսին). մամուլին հետ ունեցած ելոյթով խօսեցաւ մարզանքի առընչուող՝ բռնութիւններուն մասին ըլլայ նախատական խօսքերով (լուտանքներով) կամ ալ ֆիզիքական։ Այդ երեւոյթները, ըսաւ կարտինալը, կը դրսեւորեն հակամշակութային երեւոյթ մը, որ կը ներփակէ հանրային կարգը խանգարող չարագործութեան մշակոյթ։ Ըստ Կարտինալին՝ մաֆիան եւս իր կարգին, էութեամբ հակամշակոյթ է, քանի որ՝ ան ալ իր կարգին, կը միտի կործանել պետութիւնը ու մարդկային յարաբերութիւնները։
Կարտինալ Ռավազի նաեւ մամուլին յայտնեց թէ յառաջիկայ յունիս 26-ին տեղի պիտի ունենայ ''հեթանոսներու ատեան''ի հաւատք ու մշակոյթ երկխօսութեան ծիրէն ներս, եկեղեցական աշխարհի ու Ս. Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հանդիպումը։ Կլոր սեղանին նիւթն է ''Ճշմարտութիւն եւ դիւանագիտութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.