2012-06-15 11:55:38

Իրլանտայի Մայրաքաղաքին Մէջ Կը Շարունակուի Ամենասուրբ Հաղորդութեան 50-րդ Միջազգային Գիտաժողովը։


Իրլանտայի մայրաքաղաք` Տուպլինի մէջ կը շարունակուի Ամենասուրբ Հաղորդութեան նուիրուած 50-րդ Միջազգային գիտաժողովը որուն աշխտանքներուն կը մասնակցին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ։
Իրլանտայի եկեղեցին այս հաւաքէն կ'ակնկալէ հոգեւոր բարենորոգում մը։ Աւելի քան 7 հազար քրիստոնենաեր, եկած 102 երկիրներէն, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ժողովին որուն եզրափակիչ պատարագը, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 17 յունիսին, Տուպլինի <<Գրոք Բարք>> պարտեզին մէջ ուր կը սպասուին աւելի քան 80 հազար հաւատացեալներ։ Յայտնենք որ Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջազգային Ժողովը կը կազմակերպուի ամէն չորս տարին անգամ մը եւ նախորդ ժողովը տեղի ունեցած էր Գանատայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.