2012-06-14 14:42:00

Յոբելինական Համերգ Նուիրուած ՙՔնար՚ Երգչախումբի Հիմնադրութեան 50 ամեայ Յոբելեանին։


Կիրակի 10 յունիս 2012-ին Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Յոբելինական համերգ ՙՔնար՚ երգչախումբի կատարմամբ, նուիրուած երգչախումբի հիմնադրութեան 50 ամեակին (1962-2012)։ Համերգին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ դամասկահայեր, հայ երգն ու երաժշտութիւնը սիրող տեղացի բարեկամներ ու արուեստագէտ մասնագէտներ գլխաւորութեամբ ձեռնարկի հովանաւոր Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանին, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանին, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանին ու ազնիւ կողակցին, Գերապատիւ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանի, Անարատ Յղութեան միաբանութեան Առաքինազարդ քոյրերու, Արժանապատիւ քահանայ հայրերու ու դամասկահայ միութիւններու յարգարժան ներկայացուցիչներու։
Նախքան ելոյթը, մինչ ներկաները իրենց տեղերը կը գրաւէին, մեծ պաստառի վրայ կատարուեցաւ համակարգչային պատրաստութեամբ ցուցադրութիւն, ՙՔնար՚ երգչախումբի հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ 50 ամեակ ձեռնարկներու ու համերգներու յիշարժան պատկերներով։
Խմբավար Շանթ Քէշիշեան յայտագրի գործադրութենէն առաջ իր սրտի խօսքը արտասանեց խօսելով նաեւ երգչախումբի տարիներու աշխատանքին մասին ու ըսաւ թէ այս համերգը կը կատարուի որպէս երախտագիտութիւն Աստուածային նախախնամութեան որ ՙՔնար՚ ին պարգեւեց օրինակելի յարատեւութիւն հասնելու մինչեւ ոսկեայ յոբելեան։ Ապա ան յոյս յայտնեց որ կը շարունակուի այս աշխատանքը շնորհիւ անդամներու նուիրուածութեան, երիտասարդներու եռանդին ու այն մեծ քաջալերանքին որ երգչախումբը կը վայելէ համայնքի առաջնորդէն ու դամասկահայութենէն։ Ան մաղթեց նաեւ որ Սուրիան մնայ ինչպէս միշտ հայրենիքը իր բոլոր զաւակներուն, հարուստ անոնց բազմազանութեամբ,երկիր համակեցութեան ու հանդուրժողականութեան։
Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի ՙՏէր Ողորմեա՚ շարականով ի յարգանս երկրի բազմաթիւ նահատակներուն եւ աղօթք առ Աստուած որ ողորմի անոնց հոգիներուն ու պարգեւէ աշխարհիս ու մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութիւն։ Այնուհետեւ իրար յաջորդեցին հայկական խմբերգեր ազգային ու ժողովրդական թեմաներով, որոնք հեղինակուած կամ մշակուած էին հայ ականաւոր երաժիշտներու ու բանաստեղծներու կողմէ։ Նաեւ նոր երգեր որոնց մշակումներն ու պատշաճեցումները կատարած էր խմբավար Շանթ Քէշիշեան։ Համերգի ընթացքին Շանթ Քէշիշեան ընթերցեց ՙՔնար՚ ի հիմնադիր Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանի ողջոյնի խօսքը ուր դրուատիքով կ՝անդրադառնար իր հիմնած ՙՔնար՚- ի բեղուն գործունէութեան, մաղթելով բիւր բարիք ու յարատեւում որպէսզի երգչախումբը միշտ պարծանք ու պատիւ բերէ, հանդիսանալով Հայաստանի արձագանքը Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդի ծոցին մէջ։ Նոյնպէս խմբավարը ընթերցեց Լաթաքիայէն մտաւորական, երգչախումբի հին ու նոր բարեկամ պրն.Յակոբ Ադամեանի ներշնչող ողջոյնի խօսքերը։ Համերգի տպաւորիչ պահերէն էր երբ ՙՔնար՚ ի ոգին ու ուժը հանդիսացող պրն. Սարգիս Քէշիշեանը խումբի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց ՙՀոռովել՚ երգը, նոյն ջերմութեամբ ու կատարողական բարձր մակարդակով, որով այս երգը ան կատարած էր 50 տարիներ առաջ ՙՔնար՚-ի առաջին համերգներուն։
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արշակ փոլատեան որ բարձր գնահատեց ՙՔնար՚ ի 50 ամեայ անցած ճանապարհը։
Եւ երգչախումբի լման անձնակազմը պարգեւատրեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ոսկէ մետալով, խրախուսելով Քնարականները շարունակելու նոյն ուղիով, յարատեւելու կամքով։ Արհի Յովսէփ եպս. Առնաութեանը խօսք առնելով շեշտեց թէ այսօր պէտք ունինք երգի որ բարիք կը սփռէ մինչ ամէն տեղ ռումբերու ձայներ կը լսուին։ ՙՔնար՚-ը ըսաւ Գերապայծառ տէրը կ՝երգէ եւ կ՝աղօթէ այս յոբելինական երեկոյին որպէսզի Աստուած պարգեւէ խաղաղութիւն աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիոյ։ Գերապայծառ տիրոջ հրաւէրով Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեանն ալ գնահատանքի տպաւորիչ խօսք մը արտասանեց եւ ի վերջոյ երգչախումբի վեթերաններուն՝ Արամ Գայայեանին, Սարգիս եւ Մանուէլ Քէշիշեաններուն, Ժոզէֆ եւ Ժան-Բիեր ու օրդ. Մարլէն Իսքէնտերեաններուն, ձեռամբ Գերապայծառ տիրոջ յանձնուեցան երգչախումբի անդամներու անունով յիսունամեակի յատուկ յուշանուէրներ առ ի գնահատանք անոնց երկարատեւ նուիրումին։ Համերգը վերջ գտաւ ՜՜Տէրունական աղօթքով՝՝ զոր երգչախումբը կատարեց Կոմիտասեան մշակումով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.