2012-06-14 14:42:13

Յառաջիկայ Սեպտեմբերին Բիւրականի Մէջ Պիտի Կայանայ Երիտասարդ Աստղագէտներու Միջազգային Դպրոց։


15-23 Սեպտեմբեր , Բիւրականի Աստղադիտարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, որ բիւրականեան ամառնային դպրոցներու շարքին 4րդն է։
Այս տարի դպրոցը պիտի կայանայ Անանիա ՇԻՐԱԿԱՑԻ-ի 1400ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ։ Դպրոցը կը կազմակերպուի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Բիւրականի աստղադիտարանի (ԲԱ) եւ Հայկական աստղագիտական ընկերութեան (ՀԱԸ) կողմէ: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած են նշանաւոր աստղագէտներ, օրինակ՝ Միջազգային աստղագիտական միութեան նախագահ Ռոպըրթ Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ), հնդիկ նշանաւոր տիեզերաբան Ճայանթ Նարլիկարը, Միացեալ Նահանգներու Քորնելի համալսարանի փրոֆեսէօրներ Երուանդ Թերզեանը եւ Ռիչըրտ Լովելասը, Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակի առաջին յաղթող Գարիկ Իսրայէլեանը (Սպանիա) եւ այլն, ինչպէս նաեւ Բիւրականի աստղագէտներ:
Միջազգային այս Դպրոցին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ ԱՊՀ-ի երկրներու շուրջ 30 ուսանողներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.