2012-06-13 14:41:12

Վատիկանը Չի Ճանչնար Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի Վրայ, Որ Ապօրինի Կերպով Առընչուած Է Իսրայէլի Պետութեան։


Ս. Աթոռի ենթաքարտուղարը գերապայծառ Էթթորէ Պալեսդրերօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է որ Վատիկանը չի ճանչնար Իսրայէլի ուղղակի կամ անուղղակի գերիշխանութիւնը արեւելեան Երուսաղէմի վրայ, որ Իսրայէլը ապօրինի կերպով կցած է իր հողերուն, հակառակ միջազգային իրաւունքին։ Ան մերժեց իսրայէլեան ու պաղեստինեան մամուլի յառաջբերումները ըստ որու Վատիկանը Իսրայէլի պետութեան հետ համաձայնութիւն կնքելով, հայող՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւա-ֆինանսական կալուածներուն ս. Երկրին մէջ, կը ճանչնայ Իսրայէլի իրաւասութիւնը արեւելեան Երուսաղէմի վրայ։ Ս. Աթոռի դիւանագէտի համաձայն՝ Վատիկանը պատրաստ չէ դրժելու Ժընեւի 4-րդ համաձայնագիրը, քանի որ միջազգային իրաւունքի տեսակէտով, Արեւելեան Երուսաղէմի բռնագրաւումը Իսրայէլի կողմէ ապօրինի է ։ Յայտնենք որ այս օրերուն Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ լիանիստ ժողովը Իսրայէլի ու Վատիկանի երկկողմանի յանձանխումբին միջեւ։ Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ''դրական ու շինիչ'' մթնոլորտին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.