2012-06-13 14:40:39

Ռատիօ Վատիկանի Հաղորդացկութեան Նոր Ռազմավարութիւնը։ Միջակ եւ Կարճ Ալիքներու Վերածումը։


՝՝Անցեալ տարի տօնակատարելով իր հիմնարկութեան 80-ամեակը, Ռատիօ Վատիկանը այժմ պատրաստ է դիմագրաւելու իր պատմութեան նոր մէկ հանգրուանը, վստահելով ու յանձնելով Աւետարանի ու Եկեղեցւոյ սպասարկութեան իր պատգամը՝ հաղորդացկութեան նոր գիտարուեստաբանութեանց (թէքնօլօճիա)՝ ։
Այս խօսքերով Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի սկիզբ կուտայ այն հաղորդագրութեան որու վերնագիրն է ՝՝ Նոր Հանգրուան մը Ռատիօ Վատիկանի Պատմութեան Մէջ. Կարճ Ալիքներէն ՝Հաղորդակցութեան Նոր Ռազմավարութիւններու՝՝ , բացատրելով թէ Ռատիօ Վատիկանի շուրջ 40 տարբեր լեզուներով ձայնասփռումները (որոնք կարելի է ունկնդրել արբանեակի ու միջազգային հաղորդացանցի միջոցաւ) միաժամանակ կը ՝՝վեր-հաղորդուին՝՝ աշխարհի հինգ Ցամաքամասերու շուրջ 80 Երկիրներուն մէջ,տեղական հազարէ աւելի Ձայնասփիւռներու կողմէ։

Ուստի, նկատի առնելով Ռատիօ Վատիկանը լայնածաւալ աշխարհագրութեամբ ու մեծ դիւրութեամբ ունկնդրելու կարելիութիւնը,Ձայնսասփիւռի տնօրէնութիւնը կը խորհի թէ հասած է ժամանակը յորում կարելի է նուազեցնել Կարճ ու Միջին Ալիքներով կատարուած հաղորդումներու յանձնառումը ։

Յառաջիկայ օրերուն (ինչպէս որ կը գրէ Հայր Լոմպարտի իր Հաղորդագրութեան մէջ) Վատիկանի Ռատիոկայանի տարբեր լեզուներով հաղորդումները այս ուղղութեամբ պիտի տեղեկացնեն իրենց ուկնդիրները,ի զօրու փոփոխութեանց մասին։

Հուսկ Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի իր հաղորդագրութիւնը կ՝եզրափակէ գրելով ՝՝ Կարճ Ալիքներով ու Միջին Ալիքներով ձայնասփռուած Միջազգային հաղորդումները Եկեղեցւոյ Պատմութեան մէջ կատարեցին՝ արտակարգ մեծ ծառայութիւն մը , մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ Ի.դարու ընթացքին, նեցուկ կանգնելով՝ պատերազմէն ու բռնատիրական վարչաձեւերէ հարստահրուած Եւրոպայի բնակչութեանց ։








All the contents on this site are copyrighted ©.