2012-06-13 12:40:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


՜՜Աղօթքը` հոգւոյն անդորրութիւնը՝՝ նիւթին մասին եւ կոչ Իրլանտայի Եկեղեցւոյ, ուր ներկայիս տեղի կ'ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջազգային 50-րդ ժողովը։
Այսօր Չորեքշաբթի 13 յունիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Աղօթքը ոչ միայն հոգիին շունչն է այլեւ խաղաղութեան ովասիս է, ուր սնունդ կ՝առնէ մեր հոգեւոր կեանքը ու կը բարեփոխուի։ Աղօթքով մեր հոգին կը բարձրանայ դէպի Աստուած ու կ'առաջնորդուի դէպի սրբութիւն։ Քրիստոսի հետեւելու ու Անոր Աւետարանը քարոզելու գործին մէջ պիտի հանդիպինք դժուարութիւններու, զանոնք պիտի կարենանք յաղթահարել եթէ բացուինք Տիրոջ ու Անոր վստահութեամբ դիմենք աղօթքի միջոցաւ։
Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ կը յայտարարէ որ ՜՜ ինք գիտակից է որ անօգուտ սպասաւոր մըն է, սակայն Տէրը զինք ողողած է շնորհքներու հարստութեամբ ու զօրութեամբ՝՝։
Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով ըսաւ .
Մեզի համար ալ , որքան որ մեր կեանքը աղօթք դառնայ այնքան Տէրը սքանչելիքներ պիտի կատարէ մեր միջոցաւ։ Տիրոջ շնորհքով մենք պիտի կարողանանք վկայութիւն տալ Աւետարանին եւ Պօղոս առաքեալի նման ըլլանք խոնարհ ու մեր վստահութիւնը դնենք միմիայն Աստուծոյ վրայ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, երաշխաւորելով իր աղօթքը, որպէսզի զօրացած աստուածային շնորհքով , ըսաւ Սրբազան Հայրը, կարողանաք Աւետարանը քարոզել ձեր շրջապատէն ներս ըլլայ խօսքով եւ ըլլայ բարի օրինակով։
Սիրելիներ, աւելցուց Պենետիկտոս ԺԶ. աղօթքը պիտի օգնէ ձեզի զգալու Աստուծոյ ներկայութիւնը ու ձեր կեանքի բարի վկայութեամբ՝ պիտի կարենաք ուրիշներ առաջնորդել Տիրոջ ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. սիրելիներ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց Իրլանտայի Եկեղեցւոյ, ուր տեղի կ'ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 50-րդ ժողովը։
Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Իմ սիրալիս ողջոյնս ու օրհնութիւնս կ՝ուղղեմ Իրլանտայի եկեղեցւոյ։ Տուպլինի մէջ, իմ պատուիրակիս՝ կարտինալ Ուելէի ներկայութեամբ, տեղի կ'ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջազգային 50-րդ ժողովը ''Ս. Հաղորդութիւնը, Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ հաղորդութիւն'' նիւթին մասին։
Բազմաթիւ եպիսկոպոսներ. քահանաներ ու հաւատացեալներ, եկած՝ տարբեր ցամաքամասերէն, կը մասնակցին այս յոյժ կարեւոր եկեղեցական հաւաքին։
Ասիկա մեծ առիթ մըն է վերահաստատելու որ ՜՜Ս. հաղորդութիւնը՝՝ կեդրոնն է Եկեղեցւոյ կեանքին։ Յիսուս իրապէս ու ճշմարտապէս ներկայ է մեր մէջ, այս խորհուրդին միջոցաւ, եւ իր գերագոյն սիրով ու խաչի զոհաբերութեամբ ինքզինք մեզի կու տայ, կը դառնայ մեր սնունդը որպէսզի Անոր հետ նոյնանանք, հաղորդութեան մէջ մտնենք անոր հետ ու նաեւ միանանք իրարու։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. ՜՜Կ'ուզեմ ձեզ հրաւիրել որ մտքով ու սրտով միանաք Իրլանտայի ու աշխարհի քրիստոնեաներուն հետ աղօթելու՝ ս. հաղորդութեան ժողովի մասնակցողներուն համար, որպէսզի Ս. Հաղորդութիւնը մնայ միշտ տրոփող սիրտը բոլոր Եկեղեցւոյ կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.