2012-06-13 14:41:49

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ցաւակցութիւնները Ղասսան Թուէյնիի Մահուան Առթիւ։


Պէյրութ- Երկուշաբթի, 11 յունիսին, Լիբանանի նախկին երեսփոխան, դիւանագէտ, լիբանանեան եւ արաբական լրագրութեան ամէնէն երեւելի դէմքերէն, մեծանուն մտաւորական եւ բազմավաստակ հրապարակագիր Ղասսան Թուէյնիի մահուան ի լուր Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան, ընկերակցութեամբ պրն Ապպուտ Պօղոսի, այցելեցին Աշրաֆիէի «Մար Նիքոլա» եկեղեցին, հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան ցաւակցութիւնները յայտնելու Թուէյնի ընտանիքին։
Ղասսան Թուէյնի մահացած էր Ուրբաթ, 8 Յունիսին, 86 տարեկանին, սուգի մատնելով Լիբանանը։ Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր կեդրոնական Պէյրութի յոյն ուղղափառներու «Մար Ժըրժոս» եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր եւ պետական անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ սգակիրներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.