2012-06-13 13:57:52

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՍԵԲԻՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ


Եօթներորդ դարու հեղինակ, Բագրատունեաց Իշխանական տան Եպիսկոպոս, մասնակցած է Դուինի ժողովին, Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսի օրով։ Ահա միակ տեղեկութիւնները զոր ունինք իր կեանքի մասին։ Ան ծնած է, Է. Դարու սկիզբը եւ ականատես է դէպքերուն զոր կը պատմէ։
Ունի գրութիւն մը, որ հասած է մեզի իր անունով(միայն ասկէ մօտաւորապէս մէկ ու կէս դար առաջ) . Տիտղոսն է Պատմութիւն ի Հերակլ, կամ Պատմութիւն Հերակլի. Յիշեցնենք թէ Հերակլ Ա. կայսր էր Բիւզանդիոնի (610 թուականէն մինչեւ 641) եւ մեծ յաղթանակ մը տարաւ Պարսիկներու վրայ։ Վարդանանց ճակատամարտէն ետք` գրեթէ մէկուկէս դար մասնաւոր պատմութիւն մը չի յիշատակուիր Հայոց մասին, ի բաց առեալ Վահանի ճակատամարտները։ Գալով Պարսիկներու եւ Բիւզանդիոնի միջեւ ծագած պատերազմնեուն, որոնց գլխաւոր պատճառն էր Քրիստոսի Սուրբ Խաչի մասունքին գերեվարութիւնը ի Տիզբոն, Սեբէոս կը պատմէ թէ ինչպէս այս պատերազմները մեծ աւերներ գործեցին մեր աշխարհին մէջ։
Սեբէոսի պատմութեան գրքին առաջին երկու գլուխները անհարազատ են, որով զանազան աղբիւրներէ քաղուած գրութիւն մըն է Հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայկէն սկսեալ. Այս գրութիւնը աւելցուած է հետագային Սեբէոսի բուն պատմութեան վրայ, որ կը սկսի Գ. գխուն, համառօտաբար պատմելով Վահան Մամիկոնեանի քաջագործու-թիւնները։ Ապա կ՛անցնի Վարդան Բ. Մամիկոնեանի (որ Վահանի թոռն էր) արկա-ծախնդրութեան, որով ան կը սպաննէ Պարսից Սուրէն Մարզպանը եւ թշնամութիւն կը յառաջացնէ Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ։
Իրականութեան մէջ` Յոյներն ու Պարսիկները դաշինք կնքած էին Մօրիկ կայսեր օրով` խաղաղութեան. Այս դաշինքը ինկած կը սեպէ Խոսրով Ապրուէզ պարսից արքան երբ Փոկաս յոյն զօրավարը կը սպաննէ կայսրը եւ տեղը կ՛իշխէ. Ուստի կ՛արշաւէ Բիւզանդիոնի վրայ եւ կը հասնի մինչեւ Պոլիս ու գերի կը տանի Քրիստոսի Սուրբ Խաչը։ Հետագային Հերակլ կը յաջողի վար առնել Փոկասը եւ դարձեալ հաստատել կայսերական իշխանութիւնը. Իր առաջին գործը կ՛ըլլայ անշուշտ արշաւել Պարսկաստան (Հայաստանի վրայով) եւ յաղթելով պարսիկներուն` ետ դարձնել յաղթական կերպով Սուրբ Խաչը։
Հայ զանազան հերոսներ եւս տեղ կը գտնեն Սեբէոսի պատմութեան մէջ, գլխաւորաբար Սմբատ Բազմայաղթ հսկայ իշխանը եւ Մուշեղ Մամիկոնեան զօրավարը։ Սեբիոս Կը յիշէ Սմբատի որդին` Վարազտիրոց եւ Թէոդորոս Ռշտունին։ Ասոնց քաջագործութիւնները թէեւ օգուտ մը չեն ունենար Հայերու համար, սակայն ցոյց կու տան հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը Բիւզանդական Կայսրերուն։
Ինչ որ ամենահետաքրքրական եւ պատմական մեծ արժէք ունեցող բաժինը կը կազմէ իր գործին, այս պատմութեան վերջաւորութիւնն է, ուր կը պատմէ թէ ինչպէս Սասանեան հզօր տէրութիւնը (որ իշխած էր 400 տարիներ) կը տապալի Մահմէտ անունով մարգարէի մը ձեռքով. Արաբները աներեւակայելի դիւրութեամբ կը տիրանան այս մեծ կայսրութեան եւ կը դարձնեն զայն առաջին իսլամապետական երկիրներէն մին։
Սեբէոս իր պատմութիւնը կը հասցնէ մինչեւ 660 թուականը եւ վերջաւորութեան կու տայ նաեւ նշմարներ հայ եկեղեցւոյ պատմութենէն, խօսելով գլխաւորաբար Դուինի ժողովին մասին։
Առաջին տպագրութիւնը իր Պատմութեան գրքին եղած է Պոլիս 1851-ին. Ռուսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Սան Փեթերպուրկ, 1862-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.