2012-06-12 13:37:43

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդին 30րդ տարեդարձին առթիւ երեքշաբթի 12 յունիսին տեղի կ՛ունենայ <<մշակոյթներու հովութիւն- յարատեւ ստեղծագործ աշխատանք մը>> վերտառութեամբ ուսումնաժողով մը որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` վերոյիշեալ խորհուրդի ենթաքարտուղար գերպայծառ Սանչէս Տէ Թոքա ու փրօֆ ֆապրիս հաճաճ։
Նշենք որ Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդը հաստատուած է 1982-ին ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, ունենալով որպէս նպատակակէտ << Սուրբ Աթոռի եւ մշակոյթի աշխարհի միջեւ յառաջացնել կապեր մասնաւորապէս ներկայ մշակոյթներու հետ երկխօսութիւն հաստատելով որպէսզի մարդուն քաղաքակրթութիւնը աւելիով բացուի Աւետարանին եւ Գիտութեան, արուեստասէրները իրենք զիրենք ընդունուած զգան եկեղեցիէն որպէս ճշմարտութեան, բարիին եւ գեղեցիկին ծառայութեան նուիրուած անձեր ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2007-ի սեպտեմբեր 3-ին Միլանոյի Ամպրոզեան Գրադարանի կառավարիչը Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին նշանակեց որպէս սոյն խորհուրդի նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.