2012-06-12 13:36:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մասնակցեցաւ Հռոմի թեմի Եկեղեցական Խորհրդաժողովին ''Աւետարանութիւն Ու Մկրտութիւն'' Նիւթին Մասին։


Երկուշաբթի 11 յունիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մասնակցեցաւ Հռոմի թեմի խորհրդաժողովին որ կայացաւ ս. Յովհաննէս տաճարին մէջ։ Աշխատանքներուն մասնակցեցան թեմի կղերն ու հաւատացեալները։
Իր կատարած միջամտութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Յիսուսի յանձնած առաքելութիւնը աշակերտներուն նախ քան երկինք համբառնալը. ''Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը''։
Յիսուս , ըսաւ Սրբազան հայրը, խոստացաւ աշակերտներուն հետ մնալ, ամէն անգամ որ կը ժողովին իր անունով։ Խորհրդածութեան ու աղօթքի մեր այս եղբայրական հանդիպումին, Ան մեր միջեւ կը գտնուի ու մեզի կը խօսի։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Յիսուս առաքելութիւն մը յանձնեց մեզի. ''Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ''։ Մկրտութեամբ մենք Աստուծոյ կը միանանք ու այլեւս Աստուծոյ կը պատկանինք` մենք Աստուծոյ մէջն ենք ու Աստուած մեր մէջ։ Մկրտութեամբ` մենք դարձանք Աստուծոյ որդիներ ու եղբայրներ ու քոյրեր բոլոր կնքուածներու հետ ու Քրիստոսով դարձանք մէկ մարմին։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց մկրտութեան ծիսակատարութեան նշանակութիւնը լաւապէս ըմբռնելու խորհուրդին իմաստն ու խորութիւնը։ Մկրտութեան խորհուրդի մատակարարութիւնը կը ներփակէ 2 տարրեր` ջուրը եւ խօսքը։ Խօսքով կը հրաժարինք մեղքէն ու սատանայէն ու հաւատքի մեր դաւանանքը կը դրսեւորենք։ Իսկ ջուրով կը մեռնինք ու կը վերակենդանանաք։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր միջամտութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները որ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն Ամենակալ Աստուծոյ որ մեզի պարգեւեց մկրտութեան շնորհքը ու անով մեզ դարձուց իր որդիները։ Մեր կարգին, մենք կանչուած ենք համապատասխանելու այս շնորհքին ՜՜ոչ՝՝ ըսելով մեղքին եւ ՜՜Այո՝՝ Աստուծոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.