2012-06-12 14:05:07

Հաւատքի Տարւոյն Առթիւ Դասախօսութիւն Եւ Զրոյց


2012-ը Հաւատքի տարի հռչակուած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։
Այս առթիւ Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրիաթեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը, կաթողիկէ նուիրեալ կրօնաւորուհիներուն տուաւ դասախօսութիւնը մը ՜՜Հաւատքի Տարին՝՝ բնանիւթով ։
Այս առթիւ ներկաներուն բաշխուեցաւ Սրբազան քահանայապետին հովուական թուղթը ՜՜Հաւատքի տարւոյն՝՝ մասին. որուն մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ գերապայծառը եւ պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն, յորդորելով ամէնքը որ ի գործ դնեն Նորին Սրբութեան պատգամը յատկապէս ՜՜Հաւատքի այս տարւոյն՝՝ ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.