2012-06-12 13:41:19

Հայոց Պատմութիւն :
ՎԱՀԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ (480– 510)


Տիկնայք փափկասունք
Հարկ է երկու խօսք ըսել հայ ազնուական տիկիններու մասին, որոնց ամուսին-ները (որոնք իշխաններ էին) գերի տարուեցան երկար տարիներ Պարսկաստան, Վարդա-նանց պատերազմէն ետք։ Անոնք մեծ հաւատարմութեամբ սպասեցին իրենց ամուսին-ներու դարձին, իրենց ժամանակը անցնելով աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ազգային առողջ կրթութիւն ջամբելով իրենց զաւակներուն։ Այնպէս որ 464-ին, երբ Աւարայրի ողջ մնացած հերոսները վերադարձան իրենց տուները, գտան երիտասարդ սերունդ մը, դաստիարակուած իրենց մայրերու շունչին տակ, հաւատարիմ իրենց քրիստոնեայ կրօնին եւ սերտօրէն կապուած իրենց ազգային արժէքներուն։ Եղիշէ անմահացուցած է այս մայրերը, Տիկնայք փափկասունք Աշխարհին Հայոց տիտղոսին տակ։
Պերոզ թագաւոր եւ պարսկական նոր հնարքները հայերը կրօնափոխ ընելու
Մինչ այդ` Յազկերտի յաջորդեց իր Պերոզ որդին (459-484), որ նոր ձեւի մը դիմեց Հայերը կրակապաշտ դարձնելու։ Ան սկսաւ դրամ տալով, հողեր բաշխելով ու պատիւ-ներ ընծայելով քաջալերել այն հայ իշխանները որոնք պարսկական մազդէականութիւնը կ՛ընդունէին եւ կ՛ուրանային Քրիստոսը։ Ինչ որ չի յաջողեցան պատերազմով` սկսան իրագործել կաշառակերութեամբ։ Երբ Հայերը իրազեկ եղան այս իրականութեան, հաւաքուեցան Վարդանի եղբօր` Հմայեակ Մամիկոնեանի որդւոյն` Վահանի շուրջ, որպէսզի ձեռքն առնէ երկրին ղեկը եւ խափանէ պարսկական այս ծրագիրը։
Վահանի պատերազմները
481-ին, Վահան, 400 զինուորներով յարձակեցաւ պարսիկ Ատրվշնասպ մարզ-պանին վրայ, որ Դուին կը նստէր եւ քշեց զինք Հայաստանէն դուրս, կոտորելով իր պահակները։ Մարզպանը տեղի չտուաւ եւ 7000 զինուոր հաւաքելով` եկաւ եւ պաշարեց Վահանը Ակոռի գիւղին մօտերը։ Թէեւ թուով սակաւ, սակայն հայրենասիրութեամբ լեցուն Վահանի բանակը սոսկալի ջարդ մը տուաւ պարսիկներուն եւ սպաննեց մարզպանը։ Պերոզ ուղարկեց Ատրներսեհ զօրավարը Վահանի դէմ, աւելի մեծ բանակով մը, սակայն դարձեալ Հայերը յաղթանակ տարին Արտազի դաշտին մէջ, որով մինչ այդ` Վահանի անունը կը մեծնար եւ շատեր կու գային զինուորագրուելու։ Ի վերջոյ վճռական պատերազմը տեղի ունշցաւ Ճարմանայի մէջ, ուր Հայերը օգնութեան փութացին Վրացիներուն. Հակառակ այս վերջիններու դաւաճանութեան, Վահան հոն եւս ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ Պարսիկներուն վրայ։ Վերջին պատերազմ մըն ալ տեղի ունեցաւ Շտէ գիւղին մօտ, ուր Պարսիկները չարաչար պարտուեցան եւ իմացած ըլլալով թէ իրենց թագաւորը մեռած էր Թուրքեստանի դէմ պատերազմի մը ընթացքին, քաշուեցան Հայաստանէն։
Նուարսակի դաշինք – Վահան` Մարզպան Հայոց
Պերոզի յաջորդեց Վաղարշ թագաւորը պարսկական գահին վրայ։ Ան տեսնելով թէ ուժով կարելի պիտի չըլլայ նուաճել Հայերը, ուղարկեց իր նախարարներէն մին` Նիխոր անունով, դաշինք մը կնքելու համար Հայերուն հետ։ Առաջին պատմական այս դաշինքը Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ տեղի ունեցաւ Նուարսակ գիւղին մէջ, որու ընթացքին ճանչցուեցաւ կրօնական ազատութիւնը Հայոց եւ ուրացող նախարարները զրկուեցան պաշտօնէ։ Ապա Վահան մեկնեցաւ Տիզբոն, ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ թագաւորէն եւ կարգուեցաւ մարզպան Հայաստանի վրայ։ Ան մինչեւ իր մահը (510) խաղաղութեամբ կառավարեց Հայաստանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.