2012-06-11 12:48:51

Վերջ Գտաւ Կաթողիկէ-օրթոտոքս Հանրաժողովը՝ ՜՜ Տնտեսական Տագնապը՝՝ Նիւթին Մասին`


Եկեղեցիները կը հետեւին հաւատացեալներու տառապանքին ու մտահոգութեան։
Փորթուկալի Լիզբոն մայրաքաղաքի մէջ, վերջ գտաւ կաթողիկէ-օրթոտոքս 3-րդ հանրաժողովը։ Եկեղեցիները իրենց ուղղած պատգամին մէջ կը քաջալերեն ու կ՝օրհնեն պետութիւններու պատասխանատուներն ու եւրոպական հաստատութիւնները շարունակելու իրենց ջանքերը դուրս գալու տնտեսական ու ֆինանսական տագնապէն, խրախուսելով զանոնք որ աւելի հոգատարութեամբ նեցուկ կանգնին, ամենէն շատ դժուարութեան մէջ գտնւող երկիրներուն։ Մեր եկեղեցիները սիրայօժար կը հիւրընկալեն ու կ'անսան բոլոր անոնց որոնք տառապանքին մէջ են ու կը բաժնեն անոնց մտավախութիւնները։ Յայտնենք որ Լիզբոնի կաթողիկէ օրթոտոքս հանդիպումը տեղի ունեցաւ աղօթքի ու եղբայրական մթնոլորտին մէջ։ Ժողովականները ընդառաջելով Մինսքի մետրապոլիտի առաջարկին, որոշեցին որ յառաջիկայ կաթողիկէ-օրթոտոքս 4-րդ հանրաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պիելառուսիոյ Մինսք քաղաքին մէջ 2014-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.