2012-06-11 14:05:55

Պոլսահայ Նշանաւոր Պալեան Ընտանիքի Ճարտարապետական Գլուխ Գործոցներուն Նուիրուած՝ Ցուցահանդէս։ ( ՊՈԼԻՍ )


Յունիս 9-ին Պոլսոյ Պաքըրգիւղ Թաղամասի քաղաքապետութեան Արուեստասրահի ու քաղաքային Թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Պոլսահայ նշանաւոր ՊԱԼԵԱՆ Գերդաստանի ճարտարապետական գլուծ գործոցներուն նուիրուած լուսանկարներու։
ՊԱԼԵԱՆ ընտանիքը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն Պոլսոյ մէջ Ճարտարապետական շատ կարեւոր շինութիւններ իրագործած է,գեղեցիկ դիմագիծ մը շահեցնելով Պոլիս քաղաքին։ Ցուցահանդէսին բացումը կատարած է Քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ յառաջիկայ Յուլիս 2 թուականը։ Ցուցահանդէսի Կազմակերպիչն է Պաքըրգիւղի Քաղաքապետութիւնը որուն աջակցած է Պոլսոյ Հայ Համայնքը եւ Եշիլգիւղի Սանուց Միութիւնը։
Պալեաններու ճարտարապետական գլուխ գործոցները անթիւ անհամար են Պոլսոյ մէջ, միայն թէ մինչեւ ներկայ Կառավարութեան իշխանութեան գլուխ գալը,կրնանք ըսել որ դպրոցներու մէջ ալ կը սորվեցնէին թէ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐԸ Իտալացի մեծ ճարտարապետներ էին եւ գլուխ գործոց Շէնքեր,Պալատներ Ապարանքներ,Զօրանոցներ ,Մզկիթներ,Աշտարակներ,Վարժարաններ եւ Եկեղեցիներ կառուցած էին ՊՈԼՍՈՅ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.