2012-06-11 10:58:36

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Կիրակնօրեայ Աղօթքը:


Կիրակի 10 յունիսի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Իր ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը, ակնարկեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնին` <<որ շատ մը երկիրներու մէջ այսօր կը տօնուի>> - ըսաւ Ան - ընդգծելով Սուրբ Հաղորդութեան ներշնջած զօրութիւնը` յաղթահարելու համար առօրեայ դժուարութիւնները, հուսկ դարձեալ կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու երկրաշարժի զոհ` Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանեայ շրջանի բնակչութեան ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշելով յառաջիկայ 14 յունիսին նշուող Արեան տուչութեան Համաշխարհային օրը գնահատեց բոլոր անոնք որ այդ օրուայ ընթացքին արիւն տալով, զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն իրենց մերձաւորներուն հադէպ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.