2012-06-11 14:05:05

Հոգեւոր Երգերու Երգահանդէս Լիբանանի Մէջ։


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 25 ամեակին առիթով՝ բարձր հովանաւորութեամբ՝ Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, եւ նախագահութեամբ՝ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ Ծ Վրդ Մուրատեանին Պատրիարքական փոխանորդը Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան, չորեքշաբթի 20 յունիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Զալքայի Ս Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր երգերու երգահանդէս մը որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան (Զմմառու Միաբան) եղբայր Ղազար Պետրոսեան եւ հայազգի երգչուհի Տիկ. Սոնիկ Փամպուքեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.