2012-06-11 14:05:45

Համագործակցութեան Ծրագիր՝ Հայաստանի եւ Չինաստանի Գլխաւոր Դատախազներուն Միջեւ .


Դատախազներուն Միջեւ .
ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ ՉԺՀ գլխաւոր դատախազ Ցաօ Ձեանմին Յունիս 11-ին, Երեւանի մէջ, ստորագրեցին «2012-2013-ի ընթացքին ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան եւ ՉԺՀ գլխաւոր դատախազութեան միջեւ համագործակցութեան» ծրագիր: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութենէն:
Ըստ այդմ` կողմերը համաձայնած են կազմակերպել համատեղ սեմինարներ, կլոր-սեղաններ` քննարկելու առանձին յանցատեսակներու քննութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերող հարցեր` նախանշելով ձեռնարկներու յստակ ժամանակացոյց:
Ծրագրին համաձայն` 2012-2013-ին հայ եւ չինացի գործընկերները համատեղ սեմինարներ պիտի կազմակերպեն
Պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ` ծանօթանալով հայոց պատմութեան ու մշակոյթին, իսկ Յունիս 12-ին հիւրերը պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան` յարգելու Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Արդէն 14 երկիրներու դատախազութիւններու հետ Հայաստան ունի ստորագրուած համագործակցութեան մասին յուշագրեր, իսկ երկու երկրի հետ՝ առաւել զարգացնելով համագործակցութեան մեքենականութիւնները` նաեւ համագործակցութեան ծրագիր: Մինչ այդ Հայաստան համագործակցութեան ծրագիր ստորագրած էր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան դատախազութեան հետ՝ ձեռնարկներու ժամանակացոյցի եւ թեմաներու յստակեցումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.