2012-06-09 12:02:56

Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած 50րդ Միջազգային Վեհաժողովը


Կիրակի 10 յունիսին Տուպլինի մէջ բացումը կը կատարուի ''Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ'' թեմայով Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած 50րդ Միջազգային Վեհաժողովին ։ Այս Առթիւ Նորին Սրբութիւնը Կարտինալ Մարք Ուելլէն, Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը, նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու համար վեհաժողովը` ու ապա 17 յունիսին, Գրոք Բարք-ի մէջ եզրափակելու Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան նուիրուած այս 50րդ Միջազգային Վեհաժողովը ուր նախատեսուած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի պատգամի մը հեռարձակումը։

Վերոյիշեալ վեհաժողովին իրենց մասնկացութիւնը կը բերեն համայն աշխարհէն պատուիրակներ ի շարս որոնց Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմէն գերյարգելի Յովսէփ Ծ.Վրդ. Պեզեզեանը։

Նշենք որ առ ի պատրաստութիւն այս կարեւոր վեհաժողովին յունիս 6 - 9 Իրլանտայի Մայնուդ քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածաբանական խորհրդաժողով մը, նուիրուած Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ յոբելեանին։ Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարտիանլ Գիւրթ Գոխը։

''Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ'' բնանիւթը ընտրուած է Սրբազան Քահանայապետի կողմէ ներշնչուելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ''Ազգերու Լոյս'' սահմանադրութլան, ուր գրուած է. ՜՜Ս. Հաղորդութեան Հացի բեկանումով '' հաստատապէս կը մասնակցինք Տիրոջ մարմնին, եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ։
Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած 50րդ Միջազգային Վեհաժողովը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 17 յունիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.