2012-06-09 12:34:30

Վերահրատարակուած Է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ի Աշխարհաբար Թարգմանութիւնը


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը վերահրատարակած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը: Անիկա արդէն նախապէս աշխարհաբարով հրատարակուած էր։ Լաւագոյն թարգմանութիւններէն մէկը կատարած է բանաստեղծ Մկրտիչ Խերանեանը՝ 1960ին։ Այդ օրերուն գաղափարախօսութենէ մեկնած՝ յիշեալ հրատարակութենէն դուրս մնացած էին (77, 92, եւ 93) գլուխները, ինչպէս նաեւ (26,33,34) գլուխներէն որոշ հատուածներ՝ նկատի ունենալով անոնց բնոյթն ու բովանդակութիւնը: Մայր Աթոռի այս վերջին վերահրատարակութեան մէջ ներառուած են օրին դուրս մնացած բոլոր վերոյիշեալ հատուածները, որոնց թարգմանութիւնը կատարած է Արշակ Մադոյեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.