2012-06-09 12:03:05

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Շաբաթ 9 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Մաչէրաթա - Լորէթօ հետիոտն ուխտագնացութեան 34րդ հանգրուանը որ սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 20.30 անց, Կղերի Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցայի մատուցած բացօթեայ Սուրբ պատարագով որմէ ետք ուխատւորները` գալելով մեկնեցան դէպի Լորէթոյի Սրբավայրը ուր կը ժամանեն կիրակի առաւօտեան ժամը 6ի ժամանակները եւ ուր տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Կոյսի յանձնառումի հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Նշենք որ անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը օրհնած էր <<խաղաղութեան ճրագը>> որ Մաչէրադա - Լորէթօ հետիոտն ուխտագնացութեան խորհրդանիշն է։


Առ ի պատրաստութիւն Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ 2013 - ի յուլիս 23 -28, Ռիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ, Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական դասը կազմակերպած է ազգային առաջին հաւաքը որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի 2013-ի երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ ֆրանսական նոր կայքէջը։








All the contents on this site are copyrighted ©.