2012-06-09 12:03:37

Ափրիկէի Կրօնապետերու Խորհուրդի Յանձնառումը Կրօնական Ծայռայեղութեան Դէմ։


Կերտել արդար ու ներդաշնակ ընկերութիւններ։
Ափրիկէի կրօնապետերու խորհուրդը, որուն աթոռը Նայրոպի կը գտնուի, մտադիր է վերջ տալ կրօնական ծայրայեղութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխատիլ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու տարբեր կրօններու միջեւ։ Ափրիկէի կրօնապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Մուսդաֆա Ալի իր հրապարակած վաւերաթուղթին մէջ կը վերակոչէ Եգիպտոսի ու Նիճերիոյ մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական բռնութիւնները։ Կրօնական ծայրայեղութեան բազմացումը կը հեռացնէ կրօններու միջեւ կամուրջներ բարձրացնելու հեռանկարը։ Վեւերաթուղթը կը հրաւիրէ կրօնապետերը ու համայնքներու պատասխանատուները գործելու աւելի արդար ու ներդաշնակ ընկերութիւններ։ Յայտնենք որ Ափրիկէի կրօնապետերու խորհուրդի աթոռը կը գտնուի Քենիայի մայրաքաղաքը։ Անիկա բազմակրօնական Ափրիկէի մեծագոյն կազմակերպութիւնն է։ Խորհուրդին մաս կը կազմեն ափրիկեան 23 երկիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.