2012-06-08 12:37:53

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Ս Գրոց Սերտողութեան Հետեւող Տիկիններուն։


«Հաւատալ Կը Նշանակէ Ճանչնալ, Ապրիլ Եւ Մասնակցիլ»։
Արամ Ա. կաթողիկոսը երեքշաբթի, 5 յունիսի՝ առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Գրոց սերտողութեան հետեւող աւելի քան 150 տիկիններուն, իր պատգամը ուղղելով շեշտը դրաւ հաւատքի կենսական կարեւորութեանվրայ մարդու կեանքին մէջ, բացատրեց նաեւ հաւատքի իմաստը եւ հրամայականը:
Վեհափառը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով հաւատքի իմաստին ու դրդապատճառին վրայ, ըսաւ, թէ մարդը անկատար արարած մը ըլլալով հաւատալը գերիվեր ուժի մը իր կազմախօսական դրութեան բնական հետեւանքն է:Դարերէն սկսեալ մարդը հաւատացած է բնութեան առնչուած ուժերուն ու քաղաքակրթութեան յառաջացումով, գիտութեան զարգացումով ու մարդկային բանականութեան մշակումով, մարդու հաւատքի առարկան եւս իր ներքին զարգացման ընթացքը ունեցած է: Քրիստոս` Աստուծոյ Որդին, եկաւ ըսելու, թէ ինքն է ճշմարտութիւնը: Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, թէ քրիստոնեային համար իր հաւատքի առարկան մարդեղացեալ Քրիստոսն է, որ ցոյց տուաւ դէպի Աստուած տանող ճշմարիտ ճամբան: Հաւատալը ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ ճանչնալ մեր հաւատքի առարկան, մեր հաւատքին առնչուած ճշմարտութիւնները եւ երեւոյթները: Այս մօտեցումը առաւելաբար քրիստոնէութեան յատուկ երեւոյթ մըն է: Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը, աստուածաբանութիւնը, կրօնական գիտելիքներու ուսուցումը ըսաւ վեհափառը, կ՛օժանդակեն քրիստոնեային գիտակցական խորք տալու իր հաւատքին: Քրիստոնէական հաւատքը պէտք չէ միայն գիտնալ, այլ անհրաժեշտ է զայն ապրիլ, մեր կեանքին մէջ գործնական արտայայտութիւն տալ անոր, ու նաեւ մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին: Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. ինչպէս ըսաւ Յիսուս ՜՜հոն, ուր քանի մը հոգիներ իմ անունովս հաւաքուած են, ես հոն եմ՝՝: «Հաւատալ կ՛ենթադրէ պատկանիլ եւ պատկանիլը հաւատալ` կարելի չէ զանոնք իրարմէ անջատել: Այս հասկացողութեամբ մենք պէտք է մեր քրիստոնէական հաւատքը ըմբռնենք, ապրինք` գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու առաքելութեան: Ըսաւ Վեհափառը եւ գնահատեց տիկիններուն մասնակցութիւնը Սուրբ Գրոց սերտողութեան եւ թելադրեց, որ երիտասարդ օրիորդները եւ հարսերը աւելի մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերեն նման նախաձեռնութիւններուն:









All the contents on this site are copyrighted ©.