2012-06-07 13:16:31

Յունիս 10-ին կը Սկսի«Արի Տուն-2012» Ծրագիրը։


Սփիւռքի երիտասարդներու Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու 2012 թուականի «Արի Տուն» ծրագիրը կը վերսկսի՝ արդիականացած եւ բարելաւուած: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը։
Ծրագրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-Հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել իր ժողովուրդի աւանդութիւնները ու սովորութիւնները, հայ ընտանիքը, հայ մարդու հոգեկերտուածքը, աջակցելով Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական, կրթամշակութային մերձեցման:
Ծրագիրը պիտի մեկնարկէ Յունիս 10-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 1, որուն ընթացքին սփիւռքահայ 13-20 տարեկան երիտասարդները՝ երկշաբաթեայ փուլերով՝ պիտի հիւրընկալուին հայաստանաբնակ ընտանիքներէն ներս ու պիտի մասնակցին ճամբարային փուլին:
Հիւրընկալող ընտանիքներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու, ՀՀ մարզպետարաններու եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով. երիտասարդները ընտանիքներուն մէջ պիտի հիւրընկալուին անհատոյց:
«Արի Տուն» ծրագրին ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կ’ապահովէ երիտասարդներու դիմաւորումը եւ ճանապարհումը, կը կազմակերպէ այցելութիւններ թանգարաններ, շրջայցեր Հայաստանի տեսարժան վայրերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.