2012-06-07 12:21:45

Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Կը Գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը եւ Թափօրը։


Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, հինգշաբթի 7 յունիս 2012 երեկոյեան ժամը 19ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը ու ապա կը հանդիսապետէ նոյն Պազիլիքայէն դէպի Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայ ուղղուած Ամենաուրբ Հաղորդութեան թափօրը։
Նշենք որ տարեկան աւանդական այս թափօրը հաստատուած է 16րդ դարուն եւ սոյն արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարտինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ եւ Հռոմի կղերական դասը ինչպէս նաեւ Հռովմէացի, իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.