Քաղցկեղի Դէմ Արդիւնաւէտ Պայքար Կը Տանի Հայ Բժշկուհին՝Տիկին Սիւզան Թոփալեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղցկեղի մասնագէտներուն՝ վերջերս ներկայացուցած ուսումնասիրութիւններէն
մէկը կատարուած է «Ճանս Հափքինզ»ի քաղցկեղի «Քիմըլ» կեդրոնի մասնագէտներէն տոքթ. Սիւզեն
Թոփալեանի գլխաւորութեամբ: Թոփալեանի գլխաւորած խմբակին մէջտեղ բերած «BMS-936558»
անունով փորձառական դեղը, «Պրիսթըլ Մէյըր Սքիւպ» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ՝
աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին փորձուած է տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող հիւանդներու
վրայ եւ ի յայտ եկած է, որ ան որոշ պարագաներու ոչ միայն կասեցուցած է քաղցկեղին տարածումը,
այլ՝ առնուազն երեք տեսակի քաղցկեղներու պարագային՝ մորթային, երիկամունքի եւ թոքերու,
յատկանշական ձեւով կրցած է փոքրացնել քաղցկեղային ուռեցքները:
Դեղը գլխաւորաբար
«կը քաջալերէ» մարդկային մարմինի բնական ախտամերժ ուժերը, որ աւելի աշխուժօրէն դէմ դնեն
քաղցկեղին: Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները Բժշկուհի Տիկին Սիւզան Թոփալեանին։