2012-06-06 13:08:03

''Փնտռեցէք Երկնայինը՝՝ Խորհրդածութիւններ Ամբողջ Տարուան Համար'' Հատորին Ներկայացում։


Պօղոս Զ. ի անուան միջազգային գրադարանին մէջ, տեղի կ'ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Փնտռեցէք Երկնայինը՝՝ խորհրդածութիւններ ամբողջ տարուան համար'' հատորին ներկայացումը։ Գիրքը կը ներկայացնեն. յիսուսեան հայր Լոմբարտին` տնօրէնը Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին ու Ռատիովատիկանի, աստուածաբան` Ճաննի Ճեննարի։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէ արուեստագէտ Լուիճի տէ Միթրի` կողքի՝ պատկերացումի հեղինակը։ Խորհրդածութիւնները կը լուսաբանեն Ծիսական տարին` Յիսնակացէն մինչեւ Պենտեկոստէ։ Նոյնպէս, գիրքը կը ներփակէ ս. Հաղորդութեան եւ Աստուածամօր մասին խորհրդածութիւններ, ինչպէս նաեւ նկատումներ համաշխարհային ոտնագունդի ու գողութիւններու մասին կատարուած եկեղեցիներու մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.