2012-06-06 13:08:46

Ժողովուրդներու Միջեւ Բարեկամութեան 33-րդ Հաւաքը։


Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ յառաջիկայ օգոստոս 19-25, տեղի կ'ունենայ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 33-րդ հաւաքը, հետեւեալ բնաբանով ''Մարդու բնութիւնը ու անոր կապը յաւիտենականութեան հետ''. կազմակերպութեամբ Վատիկանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան։
Աշխատանքներուն իրենց միջամտութիւնները կը բերեն. Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, Իտալիոյ արտգործ նախարար՝ Ճիուլիօ Կերցի եւ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան հաստատութեան նախագահը` Էմիլիա Կուարնիէրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.