2012-06-05 13:03:00

Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովը 10 - 17 Յունիս 2012։


''Ս. Հաղորդութիւնը՝ հաղորդութիւն Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ '' այս է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրած բնաբանը Ս. Հաղորդութեան միջազգային 50-րդ Գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Տուպլինի մէջ 10-17 Յունիս 2012ին ։

Սրբազան Քահանայապետին կողմէ այս բնանիւթին ընտրութիւնը ներշնչուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ''Ազգերու Լոյս'' սահմանադրութենէն, ուր գրուած է. ՜՜Ս. Հաղորդութեան Հացի բեկանումով '' հաստատապէս կը մասնակցինք Տիրոջ մարմնին, եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ։

Տուպլինի Ս. հաղորդութեան միջազգային ժողովին մասնակցիլը, պիտի օգնէ մեզի ըմբռնելու թէ հաղորդութիւնը ճշմարիտ ու անհատական մասնակցութիւն մըն է Քրիստոսի հետ։

Վերոյիշեալ գիտաժողովին իրենց մասնկացութիւնը կը բերեն համայն աշխարհէն աւելի քան 25 հազար պատուիրակներ որոնց շարքին նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցական մը` Հալէպի թեմէն, գերյարգելի Յովսէփ Ծ.Վրդ. Պեզեզեան։

Անցեալ 14 մարտին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովի պատուիրակութիւն մը նախագահութեամբ՝ Տուպլինի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տիարմուիտ Մարթինի, Սրբազան Հօր յանձնեցին Գիտաժողովի փոքր զանգակը որ 2011-ի 17 մարտէն ի վեր Իրլանտայի 26 Թեմերուն մէջ հանգրուան կատարած էր։ Զանգակիկը Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 50րդ Գիտաժողովի խորհրդանիշերէն մին է։

Նշենք որ Տուպլինի միջազգային գիտաժողովին, որպէս Սրբազան Հօր յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է` Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն որ պիտի նախագահէ Գիտաժողովի նիստերուն եւ Գրոք Բարք-ի մէջ պիտի գլխաւորէ Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովի եզրափակիչ արարողութիւնը։

Ի պատրաստութիւն այս կարեւոր գիտաժողովին յունիս 6 - 9 Իրլանտայի Մայնուդ քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Աստուածաբանական խորհրդաժողով մը, նուիրուած Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ յոբելեանին։ Սոյն խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտիանլ Գիւրթ Գոխը։








All the contents on this site are copyrighted ©.