2012-06-05 13:03:13

Ընտանիքներու Տօնը - Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ընտանիքներու Միջազգային 7րդ Հաւաքի առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Միլանոյի մէջ 30 մայիսէն 3 յունիս, վատիկանի ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի` իր շաբթուայ խմբագրականը յատկացուց Ընտանիքին։
Ան ակնարկեց մտերիմ բարեկամ զոյգի մը ամուսնութեան 50րդ տարեդարձին զայն որակելով որպէս ամենագեղեցկ տարեդարձներէն մին։ Հայր Լոմպարտին մատնանշեց ամուսնացեալ զոյգի սիրոյ մասին, ու միասին ապրելու այս գեղեցիկ պարգեւին։
Դժուարութիւնները պակաս չ՛եղան կը գրէ Ռատիովատիկանի տնօրէնը, սակայն միասին ընթանալու իղձը աւելի զօրաւոր էր փորձութիւններէն։ Կարելի ու իսկական երեւոյթ մըն է եւ շատ գեղեցիկ փորձառութեան մը ներկայացումը։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կարելի է բաղձալ մեր երիտասարդներուն համար. Հարց կու տայ Յիսուսեան միաբանը ու կը թելաթրէ այր ու կնոջ միջեւ հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութեան արժէքը չնուազեցնել։ Երջանկութիւնը կը գտնուի իսկական սիրոյ մէջ։ Ուրիշին սիրոյ մէջ։ Այս է ահա Միլանոյի Ընտանիքներու տօնակատարութեան իմաստը կ՛եզրափակէ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.