2012-06-05 13:03:45

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՍԱՆԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ (430– 634)


Հայ իշխաններու տէրութիւնը Պարսիկ կառավարիչի մը ձեռքին տակ..
Երկու դար շարունակ Հայերը` կորսնցնելով իրենց անկախութիւնը, մնացին Սասանեան Պարսիկներու իշխանութեան ներքեւ։ Հայաստանի վրայ դրուեցան նախ պարսիկ ապա հայ մարզպաններ, որոնք սակայն թոյլ տուին որ իշխանական տուները մնան ինքնիշխան, պարտական ըլլալով միայն զինուորներ եւ զօրավարներ տալ Պարսկական պետութեան, անոր պատերազմներու ընթացքին։ Այդ իշխանական մեծ ընտանիքներու ամենանշանաւորներն էին. Մամիկոնեանները, Կամսարականները, Ռշտունիները, Գնունիները, Սիւնիները, Արծրունիները եւ Բագրատունիները. Այս վերջինները պիտի յաջողէին, Թ. Դարուն` վերականգնել հայկական անկախ թագաւորութիւնը։
Պաշտպանութիւնը քրիստոնէական կրօնքին
Տակաւին քսան տարի չանցած այս կիսախաղաղ ընթացքէն, Պարսից Յազկերտ Բ. թագաւորը, 449 թուին, հրովարտակով մը հրամայեց իր բոլոր հպատակ ազգերուն պարտադրել Մազդէականութիւնը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Զարադուստրայի կրօնը, որով պէտք էր կրակը պաշտել եւ հաւատալ երկու աստուածներու գոյութեան, բարիի եւ չարի աստուածներուն։ Հայ եպիսկոպոսները Աշտիշատի մէջ ժողով մը գումարեցին 450 թուին եւ մերժեցին ուրանալ մէկ ու կէս դարէ ի վեր հայ ժողովուրդի ընդգրկած կրօնը` քրիստոնէութիւնը։
Վարդանանց Պատերազմը
Վարդան Մամիկոնեան, որ սպարապետն էր հայ զօրքերուն, յաջողեցաւ միացնել իր շուրջ հայ բոլոր իշխանները( ի բաց առեալ մի քանիներէ) ինչպէս Վասակ Սիւնի, Հայաստանի մարզպանը, որոնք ընդունեցան Յազկերտի առաջարկը կրօնափոխ ըլլալու եւ դաւաճանեցին հայ մեծամասնութեան փափաքին։ 451-ի Մայիս 26-ին տեղի ունեցաւ վճռական ճակատամարտըր Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ, Աւարայրի դաշտին վրայ։ Հայ բանակին թիւն էր 66.000, իսկ Պարսիկներունը` 300.000։ Հաւանաբար այս թիւերը քիչ մը չափազանցուած ըլլան, սակայն Պարսիկներու ուժը միշտ գերակշիռ էր։ Այս պատերազմին` Վարդան քաջաբար ինկաւ ռազմադաշտին վրայ եւ իր հետ 1036 հայ զինուրոներ, որոնցմէ ութը իր զօրավարներն էին։ Եղիշէ պատմիչ գրած է Վարդանանց հերոսամարտի նկարագրականը եւ տուած այս մանրամասնութիւնները։
Հետեւանքները Վարդանանց հերոսամարտին
Պարսիկները, թէեւ յաղթական եղան այս պատերազմին, սակայն ցնցուած Հայերու այս ընդհանուր ապստամբութենէն, հրաժարեցան կրօնափոխութեան ենթարկելէ զանոնք։ Արդէն ուրիշ սահմաններու վրայ նաեւ պատերազմի բռնուած էին, ուստի եւ առժամաբար թողուցին Հայերը իրենց ճակատագրին։
Հալածանքներ Պերոզ Արքայի օրով (458-488)
Այս թագաւորը շարունակեց Յազկերտի ծրագիրը իրագործելու ջանքերը. Սակայն հայազգի մեծ հերոս մը, որ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Վարդանի եղբօրորդին` Վահան Մամիմկոնեան, զանազան փոքր պատերազմներով կրցաւ կեցնել Պերոզի ծրագիրը եւ յաջորդ թագաւորին` Վաղարշի օրով, յաջողեցաւ կնքել տալ Նուարսակի դաշնագիրը, ուր Պարսիկները յանձն կ՛առնէին յարգելու հայերու հաւատքը եւ կրօնական ազատութիւն կու տային անոնց, պայմանաւ որ հպատակ մնային միշտ պարսկական տէրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.