2012-06-04 12:42:32

Տերսիմի «Ծագումով Հայ Կորուսեալ Դուստր»ը Կը Խօսի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ։


1937-1938 Տերսիմի Ցեղասպանութեան ընթացքին բազմաթիւ երեխաներ առնուեցան իրենց ընտանիքներէն, եւ «որդեգրուեցան» յատկապէս զինուորներու ընտանիքներու կողմէ: Այժմ այդ օրերու տուժածներու ընտանիքները, իրենց իրական ընտանիքները գտնելու համար դիմած են Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տերսիմի հարցով ստեղծուած ենթայանձնաժողովը Յունիս 13-ին պիտի ընդունի «Տերսիմի կորուսեալ դուստրեր»ը, որոնք պիտի պատմեն «ողջ իրականութիւն»ն ու պիտի խնդրեն օգնել` իրենց իրական ընտանիքները գտնելու հարցով:

Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ թրքական «Միլլիյէթ»օրաթերթը Տերսիմի արիւնալի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող ենթայանձնաժողովը բազմաթիւ փաստեր ունի այս աղջիկներուն մասին: Յատկապէս սպաներու ընտանիքներուն՝ իբրեւ որդեգիրներ տրուած եւ այնտեղ վատ վերաբերմունքի արժանացած աղջիկները դիմած էին Թուրքիոյ խորհրդարանին, խնդրելով գտնել իրենց ընտանիքները:

Ծագումով ՀԱՅ Ֆաթմա Եաւուզը, որ 57 տարի թաքցուցած է իր ազգային ինքնութիւնը, նոյնպէս հրաւիրուած է Թուրքիոյ խորհրդարան: Իր իսկական անուն-ազգանունը 78 տարի անց բացայայտած ծագումով ՀԱՅ Ֆաթմա Եաւուզ , ընդամէնը հինգ տարեկանին աքսորուած էր Քոնեայէն։
Յիշենք որ այժմ Տերսիմ քաղաքը փոխած ըլլալով իր անունը (նման Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն) կը կոչուի Թունճէլի(Tunceli) :








All the contents on this site are copyrighted ©.