2012-06-04 11:32:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Եզրափակեց, Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Հաւաքի Առթիւ, Միլանօ Կատարած Հովուական Այցելութիւնը։


1 - 3 Յունիս 2012 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի մէջ մասնակցեցաւ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Հաւաքին։ Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Իտալիոյ Լոմպարտիա մարզի բնակչութեան հետ, Միլանոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ <> յի գլխաւոր հրապարակի վրայ։ Ան ապա մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած համերգի մը Միլանոյի աշխարհահռչակ <<Սքալայի>> Թատերասրահին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ հանդիպելու նաեւ Միլանոյի թեմի կղերական դասին հետ ինչպէս նաեւ Միլանոյի քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական ներկայացուցիչներուն հետ որոնց ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց <<Ընտանիքի բարիքին ի նպաստ գործելու>> կարեւորութեան ու այս ուղղութեամբ կառավարիչներուն ընգրկած պատասխանատուութեան մասին։

Միլանոյի Սան Սիրոյի <<Մէացցա>> կոչուած մարզադաշտի տարածքին վրայ, Սրբազան Հայրը ապա հանդիպեցաւ 80 հազար երիտասարդներուն հրաւիրելով զանոնք ուրախութեամբ մասնակցելու կիրակնօրեայ Սուրբ Զոհին ու ձգտելու բարձր իտէալներու. Սրբութեան։ Ան հաստատեց որ Սրբութիւնը Քրիստոնեայի կեանքի բնական նպատակն է եւ միայն քիչերու չէ վերապահուած։

Շաբաթ 2 յունիսի երեկոյեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը բազմահազար ընատանիքներու ներկայութեամբ (աւելի քան 350 հազար ներկաներ) նախագահեց <<Վկայութեան Տօն> ձեռնարկը ուր առիթը ունեցաւ իրեն ուղղուած` ընտանիքները յուզող 5 հարցումներու պատասխանելու։

Կիրակի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Միլանոյի Պրէսսոյի զբօսայգիի տարածքին վրայ` 1 միլիոն հաւատացեալներու մասնակցութեամբ գլխաւորելով բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութիւնը եզրափակեց Ընտանիքներու Համաշխարհային այս 7րդ Հաւաքը եւ պատարագէն ետք արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին յայտարարեց թէ Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքի յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2015-ին Միացեալ Նահանգներու ֆիլատէլֆիոյ մէջ։

Միլանոյի առաջնորդարանի մէջ, կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հետ բաժնեկցելէ ետք եղբայրական ագապը, կիրակի 3 յունիսի յետ միջօրէի ժամը 16.30-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ <<Ընտանիք 2012 >> հիմնարկի անդամներուն ու Ընտանիքներու 7րդ հաւաքի կազմակերպչական մարմնին հետ, ու ապա ժամը 17.30-ին, հրաժեշտ առնելով Միլանոյէն վերադարցաւ Վատիկան։

Սրբազան Հօր Միլանօ կատարած այս առաքելական ճամբորդութիւնը ունէր միջազգային բնոյթ եւ յատկանշուեցաւ մասնաւորպէս Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիյաի մէջ պատահած երկրաշարժի տխուր իրողութեամբ։ Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը իր բոլոր ճառերուն ու քարոզներուն ընթացքին միշտ կոչ ըրաւ, յիշեց ու զօրակցութիւն յայտնեց Իտալիոյ Հիւսիային այս հողամասի բնակչութեան հաստատելով իր մօտիկութիւնը եւ ապահովցնելով եկեղեցւոյ օժանդակութիւնը։ Ընտանիքներու Համաշխարհային Հադիպումի աւարտին <<Ընտանիք 2012 >> հիմնարկի նախագահ` գերապայծառ Էրմինիօ Տէ Սգալցին յայտարարեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը 500 հազար եւրոյ նուիրած է որպէս անմիջական օգնութիւն Պոլոնիայի, ֆէրրարայի, Մանթովայի, Մոտէնայի եւ Գարբիի թեմերու դժուար պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.