2012-06-04 12:41:20

Նիճերիոյ Մէջ Կրկին Ռումբ Մը Պայթած Է Եկեղեցւոյ Մէջ, Պատճառելով 12 Անմեղներու Սպաննութիւնը։


Հիւսիսային Նիճերիոյ Պաուքի քաղաքին մէջ ռումբ մը պայթած է եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւանքով 12 անմեղներ սպաննուած են առանց հաշուելու բազմաթիւ վիրաւորները։ Նիճերիոյ Պաքօ Հարամ կոչուած ծայրայեղ մահմտականները բազմաթիւ անգամներ ռումբեր պայթեցուցած են եկեղեցիներու մէջ։ Անոնք կ'ուզեն պարտադրել իսլամական օրէնսդրութիւնը։ Յայտնենք որ Նիճերիոյ բնակչութիւնը հասասարապէս բաժնուած է քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։ Անցեալ 2011-ին Պաքօ Հարամ կոչուած ծայրայեղ մահմտականները արեւանգած էին իտալացի եւ անգլիացի ճարտարապետներ եւ ապա զանոնք սպաննած՝ անգլիոյ ոյժերէն ազատագրումի անյաջող փորձի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.